
ՅԱՒԵՐԺԻ ՔՍԱՆՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Aharon Shekerdemian on his › facebook page made this post
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Այսօր Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան անմահ եւ յաւէտ անմոռանալի Քսան հերոսներուն նահատակութեան յիշատակի օրն է: Փարամազ, Աչըքպաշեան, տոթք. Պեննէ, Վանիկ, Բանուոր ...
Քսան անձնազոհ գործիչներու կախաղանի բարձունքէն, եղերական բայց վրէժխնդրական աղաղակն է, որ ահա 15 յունիսի արշալոյսին կ'արձագանգէ կրկին եւ մեզ կը համակէ սարսռազդեցիկ ցնցումով:
Անոնց՝ այդ հերոսներուն եւ այդ նահատակներուն արիւնալի տարելիցն է, որ կը ցնցէ մեր բոլորին էութիւնը եւ ցոյց կու տայ անձնուիրութեան եւ յեղափոխական վսեմ նպատակին առջեւ կանգնած ա'յն պաշտելի հեռապատկերը, որուն ձգտած էր Քսաններուն կուսակցութիւնը տարիներէ ի վեր:
15 յունիս 1915:
Հայ ազգին համար սուգի, արիւնի, ահաբեկումի եւ բնաջնջումի թուական մը , որ քաղաքակիրթ մարդկութեան առջեւ կը պարզուի իր բովանդակ ահաւորութեամբ ու բարբարոսութեամբ:
15 յունիսի եղեռնագործութենէն ետք՝ երիտթրքական աւազակախումբը իր ծրագիրները գործադրութեան դրաւ՝ կոտորելով հայ ազգաբնակչութիւնը: Այնուհետեւ խտիր չկար Հնչակեանի եւ Դաշնակցականի, Ռամկավարի եւ Բարեգործականի մէջ... բոլորն ալ հայ էին...: Բանտերէն սկսեալ հեռաւոր աքսորավայրերը քաշկռտուեցան թէ' առաքելական, թէ' կաթողիկէ, թէ' աւետարանական հայը, թէ' հնչակեան անձնուրացը, թէ' դաշնակցական մտաւորականը...
Անողոք, սոսկալի տեսարան...Սուլթաններու անիծեալ մայրաքաղաքին մէկ հրապարակին մէջ: Գազանաբարոյ ամբոխ մը, որուն շրթունքէն դիւական ժպիտ մը կը թրթռայ, աչքերէն կը ցայտէ վրէժի մոլեգնած կատաղութիւն մը: Չորսդին կեցած են սուինաւոր զինուորներ:
Այգաբաց է:
Արշալոյսը նոր կը բացուի: Անոր ճառագայթները կը պատեն այդ զարհուրելի կախաղանները: Ամբոխը կը ցնցուի վայրկեան մը եւ ճամբայ կը բանայ դիւցազուններու փոքրիկ խումբի մը, որ կը քալէ անվեհեր ու խրոխտ քայլերով դէպի կախաղան...
Խումբը կը մօտենայ կախաղանի սիւներուն եւ մարմարէ հոյակերտ արձաններու նման կանգ կառնէ անոնց մահաստուեր շուքին տակ: Յաղթական եւ խիզախ դիրքով մը կեցած են անոնք, ինչպէս յուշարձան մը, որուն վրայ հիացումով կը յառես աչքերդ: Հերոսները կախաղանի սիւներուն կը մօտենան անարգելով մահուան երկիւղը:
Իրարու քով, իրարու կից Քսան կախաղանները կը մնան ժամերով... մարդկային բարբարոսութեան սոսկալի նմոյշ մը՝ երկնային արդարութիւնը հեգնելու համար...
Հանգի'ստ Ձեր ոսկորներուն, անձնազոհ Քսաննե'ր, հանգիս'տ Ձեր սուրբ եւ նուիրական աճիւններուն...
Յարգանք մեր ժողովուրդի բիւրաւոր նահատակներուն: